Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ Կիրակի առաւօտ Լաթաքիա ղրկուած, միաբան հայրերէ բաղկացած պտուիրակութիւնը վերադարձաւ Անթիլիաս եւ զեկուցեց իր կատարած առաքելութեան մասին:
Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն շուրջ երկու հազար հայեր հեռացած են Քեսապէն եւ ապաստանած Լաթաքիոյ եկեղեցիէն ու դպրոցէն ներս. իսկ ոմանք իրենց հարազտներուն մօտ: Համայնքային պատասխանատու մարմիններ մօտէն կը հետեւին ու օգտակար կ’ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներու սննդական ու առողջապահական կարիքներուն: Նաեւ օգտակար կ’ըլլան միջազգային կարմիր խաչի եւ սուրիոյ կարմիր մահիկի մարմինները:
Լաթաքիա ուղղուած պատուիրակութեան անդամները Կիրակի առաւօտ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա անոնք հանդիպումներ ունեցան եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն հետ ու մօտէն շփում հաստատեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
Յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի Լաթաքիոյ ու Քեսապի կացութեան: Մնայուն կապի մէջ է պատասխանատուներուն հետ: Անհրաժեշտութեան պարագային Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական գրասենեակը հարկ եղած տեղեկութիւնները պիտի փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: