26 May, 2014

ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի 25 Մայիս 2014-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն կատարուեցաւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Ձեռնադրութիւնը կատարեց Գերաշնորհ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան։ Արարողութենէն ետք, իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց նորընծաներուն եկեղեցւոյ ծառայելու հրամայականը։ Ան ըսաւ, որ ծառայութեան ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ծառայութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով նոյնն է։

Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ա. Ընծայարանի եւ Դ. Ժառանգաւորացի տասներկու սաները՝ Աւետիս Ասայեան, Նարեկ Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Մելլումեան, Նորայր Տալգլըճեան, Յակոբ Անտրեան, Դանիէլ Գէորգեան, Ասատուր Եղիայեան, Տիգրան Զապոնեան, Եսայի Մանուկեան, Պետրոս Տէր Կարապետեան, Մկրտիչ Քիւրիւմեան եւ Գրիգոր Ֆենէրճեան։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը շարունակէ նոյն ոգիով ու տեսիլքով իր առաքելութիւնը՝ հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուող մշակներ կազմաւորելով։

More News