ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

          Կիրակի 23 Փետրուար 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն յետոյ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան»ին մէջ։ Դամբարանը կառուցուած է 1964-ին եւ հոն ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասական շրջանի հայրապետներու եւ վախճանեալ միաբաններու աճիւնները։

 

        Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ միաբան հայրերէ ու Դպրեվանքի ուսանողներէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Տաճարի հիւսիսակողմը ուր կառուցուած է դամբարանը։

 

        Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայոց հայրապետներու եւ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներու ճամբով ծաւալած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր առաքելութեան, որուն շարունակողն է Ս. Աթոռոյս այժմու գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Կիլիկեան Ս. Ուխտի միաբանութեամբ։

 

        Դամբարանին մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշուեցան Անթիլիասի մէջ հանգչող հայրապետներու ու միաբան հայրերու անունները, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի Զոհերը։

 

        Հաւաքական սոյն հոգեհանգիստը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով կատարուող մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան։