6 May, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՃԱՇԻ ՀՒՒՐԸ ԵՂԱՒ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ

Պահրէյնի միջազգային համագումարի բացման առաջին օրը, պետութեան կողմէ յատուկ հրաւիրեալներ, շուրջ տասնըհինգ անձնաւորութիւններ, ճաշի հիւրը եղան Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆային։ Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Սեպուհ Սրբազանին, ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ ճաշկերոյթին։

 

Պահրէյն ժամանման առաջին գիշերը, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի փոքրաթիւ հայ համայնքին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Սէուտական Արաբիայէն ժամանած հայորդիներ։

 

Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին խօսք առին Թեհրանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս եւ Քուէյթի եւ Պահրէյնի ու շրջակայից Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծայրագոյն Վարդապետ։ Իր եզրափակիչ հայրական խօսքին մէջ Վեհափառը գնահատեց Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն կապուածութիւնը մեր եկեղեցւոյ։ Ան թելադրեց հաւատարիմ մնալ միշտ մեր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, եւ մասնակից դառնալ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։