Վաղը, Հինգշաբթի, 3 Ապրիլի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին։
Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն յետոյ Տնօրէն Ժողովը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ, ապա տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր քննարկում՝ միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Միաբանական ժողովը նաեւ պիտի վաւերացնէ Միաբանական Կանոնագրութիւնը, որ ենթարկուեցաւ որոշ բարեփոխումներու։
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի օրակարգի հիմնական հարցը պիտի ըլլայ դասախօսութիւններու ու քննարկումներու ճամբով լուսարձակի տակ բերել վերջին հարիւր տարիներու մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութիւնը, յատկապէս շեշտելով մեր Սուրբ Աթոռին առնչուած յատկանշական դէպքերը ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր։
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին պիտի հրապարակէ հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ընդհարնապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քէսապի գծով յայտարարութիւն մը։