ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆ. ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարք, ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով Պատրիարքը ողջունեց Վեհարանի մուտքին։ Ապա անոնք ուղղուեցան Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Ապա երկու… հոգեւոր պետերը ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճը։
 
Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով ողջունեց Պատրիարքին այցելութիւնը։ Ան ըսաւ, որ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունեցած է միշտ ղպտի ու հայ եկեղեցիներուն միջեւ։ Անդրադառնալով երկու եկեղեցիներուն հաւատքի միութեան, Վեհափառը շեշտեց անցեալէն մեզի փոխանցուած մեր դաւանական միատեղ կեցուածքը անհրաժեշտ է գործակցութեան վերածել մեր եկեղեցիներու կեանքի զանազան մարզերէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեց Ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները վերջին տարիներուն, ու ընդգծեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։
 
Թաւատրոս Պատրիարքը իր կարգին անդրադարձաւ ղպտի եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ ստեղծուած սերտ գործակցութեան, որ աւելի ամրապնդուեցաւ Երջանկայիշատակ Շնուտա Պատրիարքին եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին անձնական սերտ յարաբերութեան ճամբով։ Ան խոստացաւ վերանորոգ կերպով շարունակել այդ գործակցութիւնը մեր եկեղեցիներուն միջեւ։ Ան յիշեց որ մեր եկղեցիները դարերու ընթացքին պայքարած են հրետիկոսներուն դէմ ու ամուր պահած իրենց ուղղափառ հաւատքը, նոյնիսկ նահատակութեան ճամբով։
 
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին Թաւատրոս Պատրիարքը եւ Վեհափառ Հայրապետը մտերմիկ խօսակցութիւն մը ունեցան մեր եկեղեցիները եւ ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերուն շուրջ։