13 February, 2014

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵԼՈՎ՝ ՛՛ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ԻՐ ԶԱՒԱԿԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆ Է՝՝ ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

1661655_10152326164973714_700159195_nՀինգշաբթի 13 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան Տեառնընդառաջի տօնին, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ, մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի խորհուրդին:

 

Շրջապատուած Միաբան Հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Մայր Տաճարին մէջ նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան ու ապա իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:1620366_10152326162613714_353904185_n

 

Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հոծ բազմութեան ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս եւ ապա անդրադարձաւ Աւետարանական դրուագին, ուր նկարագրուած է թէ ինչպէս Յիսուսի ծնողքը, հետեւելով եբրայական աւանդութեան, իրենց զաւակին ծննդեան քառասնօրեայ շրջանին, տարին զինք տաճար՝ Աստուծոյ ընծայելու համար։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՚՚Քրիստոսի տաճար ընծայման աւետարանական դրուագէն մեզի կը փոխանցուի երկու պատգամ՝

ա) հաւատարիմ մնալ աւանդութեանց: Աւանդութիւնը կրoնական թէ ազգային հաւաքականութեան ինքնութեան ամենէն կարեւոր կռուաններէն մէկն է: Աւանդութեամբ է որ մենք մեր ինքնութիւնը կը պահենք ու կ՚արտայայտենք. աւանդութեամբ է որ մենք մեր գոյութիւնը կը պահենք ու կը պահպանենք: Առաքեալը կ՚ըսէ՝ ամուր պահեցէք ձեր աւանդութիւնը (Բ. Թեսաղ. 2. 15): Յիսուսի հայրը եւ մայրը հաւատարիմ մնացին իրենց աւանդութեան, եւ աւանդութեան նկատմամբ իրենց ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով Յիսուս Մանուկի ծնունդէն քառասուն oրեր յետոյ զինք տարին տաճար Աստուծոյ ընծայելու:

բ) Մoտէն հետեւիլ մեր զաւակներու դաստիարակութեամբ: Ծնողքի մը աւագ պարտականութիւնն է դաստիարակել իր զաւակը: Ծնողքը, յատկապէս մայրը, առաջին ու մնայուն դաստիարակն է իր զաւկին: Ահա թէ ինչու Մեզի համար հայ ընտանիքը սրբազան կառոյց է: Մեր ժողովուրդը հայ ընտանիքը նկատած է դպրոց, եկեղեցի ու հայրենիք, որովհետեւ հայ ընտանիքի ճամբով է որ հայ մանուկը կը դաստիարակուի ու ինքզինք անբաժանելի մասը կը նկատէ ազգին ու եկեղեցւոյ: Նայեցէ՜ք Յիսուսի ծնողքին. անոնք մoտէն հետեւեցան Քրիստոսի հոգեմտաւոր աճման՚՚:

 

Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք, Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի շրջաբակէն ներս վառեց աւանդական խարոյկը: Ապա Միաբան Հայրերն ու Դպրեվանեցիները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ ժողովուրդը: Աւարտին, հազարաւոր հայորդիներ իրենց վառած մոմերը որպէս օրհնութիւն տարին իրենց տուները:

 

Video see here

 

1888503_10152326168098714_1795916654_n

More News