Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին՝ արտասանուած Հայ Գիրքի 35-րդ ցուցահանդէսի բացման առթիւ, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Կիրակի 16 Մարտ 2014-ին։ |
Դա՛րձեալ հայ գիրքին դիմաց կը գտնուինք։ Դա՛րձեալ հայ գիրքը մեզ կը հրաւիրէ իր հետ ըլլալու, իր հետ խօսելու, իրմո՛վ հարստանալու։
Սա հոգեպարար պահուն, երբ դարձեալ շրջապատուած ենք հայ գիրքով, կ’ուզեմ վերյիշեցնել սրբազան Ա.Բ.Գ.ը իր շրթներուն վրայ ու իր հոգիին մէջ պահող իւրաքանչիւր հայուն ու համայն հայութեան, որ՝
առանց հայ գիրքին մո՛ւթ է մեր ճամբան.
առանց հայ գիրքին անորո՛շ է մեր ապագան…։
Սոսկ ծանօթութիւն ու գիտութիւն պարունակող սովորական գիրք չէ հայ գիրքը հայուն համար։ Այսպէս չէ՛ եղած ու պէտք չէ ըլլայ երբեք։ Ներկայ աշխարհի ճարտարագիտութիւնը կոճակի մը հպումով շա՛տ աւելին, եւ այնքան արագ կերպով, կրնայ տալ մարդուն, քան ոեւէ՛ գիրք։ Հայ գիրքը հայ մարդուն համար տարբեր է իր շունչով ու ոգիով, իր հմայքով ու պատգամով, էութեամբ ու նպատակով։ Հայ գիրքը աղբիւր է հոգեմտաւոր սնունդի. այլ խօսքով՝ ան հայ մարդուն հոգեմտաւոր աճման ու կազմաւորման եւ իր ինքնութեան առողջ պահպանման աւիշն է։
*
* *
Միաստուածեան կրօնները մարդը կ’ըմբռնեն որպէս մարմնի, հոգիի ու միտքի մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն։ Մարդը կազմող այս երեք տարրերէն իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած է թէ՛ մարդու ստեղծագործութեան եւ թէ Աստուած-մարդ յարաբերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մարդու աստուածատուր կոչումի իրագործման մէջ։
Քրիստոնէութիւնը, մարդ արարածին նկատմամբ իր ունեցած համապարփակ հասկացողութեան կողքին, յատուկ կերպով կը շեշտէ հոգիին ու բանականութեան մարմինէ գերիվեր ըլլալը։ Մարդը սոսկ նիւթեղէն գոյութիւն մը չէ, այլ էապէս հոգեմտաւոր իրականութիւն մը։ Եւ սա Աստուծոյ ներկայութեան ցոլացումն է մարդուն մէջ, Աստուածաշնչական բացատրութեամբ՝ “Աստուծոյ պատկերը”։ Քրիստոս շեշտեց հոգիին ու մտքին առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ ու անոր առաջնահերթութիւնը՝ յարաբերաբար մարմնին ու ըսաւ. “մարդ ո՛չ միայն հացով կ’ապրի, այլ Աստուծոյ խօսքով” (Մատթ. Դ. 4), այլ խօսքով՝ հոգեմտաւոր արժէքներով։ Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց Սուրբ Գրային մեկնաբանութեան ու աստուածաբանական մտածողութեան մէջ լայնօրէն անդադարձած են մարդը ստեղծագործութեան այլ արարածներէն զանազանող իր հոգեմտաւոր կառոյցին։
Արդ, հոգեմտաւոր սնունդը կենսական է մարդուն հոգեւոր աճման ու իմացական զարգացման համար. այլապէս, Սաղմոսին բառերով խոտի պիտի նմանին մարդուն ապրած օրերը (103. 15), անգոյն, անբովանդակ ու աննպատակ։ Ա՛յս է պատգամը քրիստոնէութեան։
*
* *
Հոգեմտաւոր սնունդը մեր ժողովուրդին կու գայ Աստուծոյ յայտնութիւնը պարունակող Աստուածաշունչ մատեանէն, մեր սուրբերուն երկնասլաց աղօթքներէն ու մեր եռամեծ վարդապետներու հոգեզմայլ շարականներէն, մեր հոգիի ու մտքի հսկաներուն սրտի տրոփիւններէն, մտքի թռիչքներէն ու հոգիի ճենճերումներէն, հաւատքի ու հայրենիքի համար իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներէն ու նահատակներէն. եւ՝ այս բոլոր սերունդէ սերունդ փոխանցող Մեսրոպաստեղծ հայ գիրքէն։
Մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքները պահող ու պահպանող սրբազան գանձ է հայ գիրքը, որ ժամանակի փոշիին դիմաց մնաց ճառագայթող ու պայծառակերպող ներկայութիւն՝ նոյնիսկ մեր պատմութեան մռայլ ժամանակներուն։
Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ մեր հայրերը բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու պաշտամունքի հասնող երկիւղածութեամբ մօտեցան հայ գիրքին։ Հայ գիրք գրեցին ու պահեցին. հայ գիրք կարդացին ու տարածեցին. հայ գիրքի յաւերժութեան համար յանձն առին ամէն տեսակ զոհողութիւն։
Թագաւորներ ու թագուհիներ, իշխաններ ու իշխանուհիներ, նախարարներ ու զինուորականներ մեր հոգեմտաւոր գանձերն ու արժէքները գիրքին յանձնելու պատուէրներ կատարեցին ու նոյնիսկ մեկենասներ դարձան։ Հոգեւորականներ ու մտաւորականներ տիւ ու գիշեր երկնելով գիրք գրեցին։ Մեր վանքերն ու եկեղեցիները, մեր բերդերն ու տուները գիրքերով լեցուեցան։ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Սփիւռք մեր կեանքը հայ գիրքով ծաղկեցաւ։
Մեր ազգի սրբազան արժէքներն ու գերագոյն ձգտումները հայ գիրքի ճամբով դարձան հայ կեանքէն ներս կենդանի ներկայութիւն։ Հայ ժողովուրդը հաւատաց որ առօրեայ հացին ու ջուրին նման կենսական է հայ գիրքին ներկայութիւնը իր տան մէջ ու իր կեանքին մէջ, որպէս հոգեմտաւոր սնունդի կենսատու աղբիւր։
Հայ աշակերտը այս աղբիւրէն ժայթքող ոգիով սնանեցաւ դպրոցի գրասեղաններուն առջեւ։
Հայ հոգեւորականը այս աղբիւրէն հոսող սնունդով կենսագործեց իր առաքելութիւնը։
Հայ մտաւորականը այս աղբիւրէն եկող շունչով շաղախեց իր կոչումը։
Հայ մարդը այս աղբիւրէն ճառագայթող լոյսով թրծեց իր կեանքը աշխարհի ապահայացնող ճամբաներուն վրայ։
Պահ մը վերյիշեցէք պատմութիւնը։ Զէնքի ուժով յաղթանակներ նուաճած ու կայսրութիւններ հիմնած ազգեր թաղուեցան պատմութեան փոշիին տակ։ Հայ ժողովուրդը իր հոգեմտաւոր արժէքներով մնաց պատմութեան թատերաբեմին վրայ։
Հայ գիրքը մեր անցեալի, ներկայի ու ապագայի հոգեմտաւոր արժէքներուն արթուն պահապանն է, մեր “արութեան գործեր”ուն կենդանի յիշատակարանը եւ մեր ազգգի երազներուն “անլռելի զանգակատուն”ը։ Մեզ հայ գիրքէն հեռացնող մեր կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք է անդրադառնանք հայ գիրքի ունեցած ճակատագրական դերին մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։ Պէտք է անդրադառնանք, որ հայ գիրքէն հեռացում կը նշանակէ մեր հոգեմտաւոր արժէքներէն հեռացում. այլ խօսքով՝ մեր հարազատ ինքնութենէն հեռացում…։
Արդ, ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի հայ գիրքը, մեր հոգեմտաւոր սնունդի այս կենսատու աղբիւրը չցամքի երբեք։
Արդեօք մեր պետութիւնը որքանո՞վ օժանդակութիւն կ’ընծայէ ուսուցիչին, գրողին ու մտաւորականին, որպէսզի ան կարենայ այս հոգեմտաւոր աղբիւրը միշտ պահել կենսայորդ։
Արդեօք մեր եկեղեցին որքանո՞վ հաւատարիմ կը մնայ հայ գիրք գրելու ու տպելու, պահելու ու տարածելու իր կոչումին։
Արդեօք մեր ունեւորները որքանո՞վ կը սատարեն հայ գիրքի հրատարակութեան ու տարածման։
Արդեօք մեր ժողովուրդի զաւակները որքանո՞վ հաղորդ կը դառնան հայ գիրքի ոգիին ու պատգամին։
Ահա մարտահրաւէրը մեր դիմաց. “ականջ ունեցողը թող լսէ” (Մատթ. 11. 15)։
Չի՛ բաւեր միայն հայ գիրքը նկատել որպէս հայակերտումի ու հայապահպանման սնուցիչ, անհրաժեշտ է հոգեմտաւոր սնունդի այս աղբիւրը պահել յորդահոս՝ անով ջրդեղելու մեր հայօրէն խոպանացող կեանքը։
Հայ գիրքը յաւերժահոս աղբիւր է հոգեմտաւոր սնունդի:
Ա՛յս կարգախօսով բացուած կը յայտարարեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած հայ գիրքի 35-րդ համասփիւռքեան ցուցահանդէսը։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
16 Մարտ 2014
Անթիլիաս