Կիրակի 25 Մայիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ՝ 1918 Մայիս 28-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտման ի խնդիր իրենց արիւնը թափած նահատակներու հոգիներուն համար։ Գոհաբանական մաղթանքին ու հոգեհանգիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ Վեհարանի դահլիճին մէջ Մայիս 28-ի առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Դպրեվանքի ժառանգաւորներուն կողմէ։ Ապա յանուն միաբանութեան ուղերձ կարդաց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեանը։ Հայր Սուրբը շեշտեց Մայիս 28-ի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մէջ, եւ այս առիթով միաբանութեան անունով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութիւնը, մաղթելով իրեն հարուստ իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն։
Հանդիսութեան փակման խօսք կատարեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան ըսաւ թէ “Մայիս 28-ը սովորական թուական մը չէ, ան կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ազատութեան տենչը, իր անկախութիւնը պաշտպանելու հաւաքական կամքը, ազատօրէն ապրելու իր վճռակամութիւնը։ Այսպէս եղած է հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին։ Ա՛յս ոգիով, հաւատքով ու կամքով ան կեցուածք է ճշդած իր պատմութեան բոլոր Բէլերուն ու Յազկերտներուն դէմ”։ Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառը ըսաւ, որ “ազատ ու անկախ ապրիլը ոեւէ անհատի ու ազգի աստուածատուր իրաւունքն է։ Մարդկային իրաւունքները ըստ էութեան աստուածատուր իրաւունքներ են. ոեւէ անհատ կամ ազգ իրաւունք չունի խլելու ուրիշին իրաւունքը ու բռնաբարելու ուրիշին անկախութիւնը ու ազատութիւնը։ Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը իր հաւաքական “ոչ”ը ըսած է իր անկախութիւնը բռնաբարող բոլոր ուժեուն դէմ”։
Անդրադառնալով ներկայ Հայաստանին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “Շնորհիւ մեր ժողովուրդի ամուր միասնականութեան ու վճռակամութեան, մենք վերահաստատեցինք մեր հայրենիքի անկախութիւնը։ Այսօր Հայաստանը իր անկախութիւնը առաւել ամրապնդելու ընթացքի մէջ է։ Ճիշդ է, Հայստանէն ներս թերութիւններ կան, փտածութիւնը կը շարունակուի. արտագաղթը կանգ չէ առած. ժողովուրդի կենսամակարդակը տակաւին կը մնայ ոչ գոհաացուցիչ։ Այս բացասական ու երեւոյթներուն դիմաց բնականաբար չենք կրնար անտաբեր մնալ։ Անհրաժեշտ է որ այս մտահոգիչ երեւոյթները վերանան մեր բոլորին հաւաքական աշխատանքով։ Հայրենիքի հզօրացումը իւրաքանչիւր հայու ու ամբոջ հայութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ, ու հայրենիքը կը հզօրանայ հայրենաշինութեան նուիրական գործին մեր բոլորի մասնակցութեամբ”։ Վեհափառ Հայրապետր իր խօսքը եզրակացուց ըսելով՝ “Մայիս 28-ը յուշարար մըն է մեր բոլորին՝ մեր հայրենիքի անկախութիւնը որպէս ազգային սրբութիւն պահելու ու պահպանելու”։