Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՊԱՏՈԻԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Երէկ առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ նախագահութեամբ Լութֆիկ Շինկ Արքեպիսկոպոսին։ Յիշեալ պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

 

Ողջունելով Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ այս նախաձեռնութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն պարզեց շրջանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումները, յատկապէս ծանրանալով քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնէական ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ համայնքներու նիւթական օժանդակութիւն հայթայթելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։ Ապա Վեհափառը անդրադարձաւ հայ համայնքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն։

 

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ գերմանական եկեղեցիներու յարաբերութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին։