Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014ի առաւօտուն, Սրբոց Ղեւոնդեաց քահանայից տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Սուրբ Աթոռոյս վանաբնակ միաբաններուն կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը:
Օրուան պատարագիչն էր Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդեզեանը եւ քարոզիչը՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Սրբազան հայրը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առնելով Ղեւոնդեաց քահանայից արժանիքները ըսաւ. «Այսօր ուխտի գիտակցութամբ կը յիշենք Ղեւոնդեաց քահանայից տօնը. զայն կը յիշատակենք զուգահեռաբար Սրբոց Վարդանաց տօնին: Մենք հոգեւորականներս պէտք է խորհրդածենք այսօրուան խորհուրդին մասին, որոգուելով անոնցմով եւ նոր կեանք բերելով մեր ժողովուրդին»: Սրբազանը շարունակեց ըսելով. «Անթիլիասը ծառայութեան անդաստան է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ժողովուրդին կեանքէն ներս իր գոյութիւնը կ’արժեւորէ իր ծառայութեամբ»:
Պատարագէն անմիջապէս ետք հոգեւորական հայրերը ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով ըսաւ. «Հայ Հոգեւորականը իր անձին ու կոչումին նկատբամբ պէտք է ցուցաբերէ առաւել խստապահանջութիւն ու նախանձախնդրութիւն, իր աչքին առջեւ ունենալով Ղեւոնդեանց քահանայից առաքելատիպ անձնուրացութիւնն ու ծառայութիւնը»: