10 Մարտի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐ

Երկուշաբթի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Արցախի նոր սերունդին պատկանող տաղանդաւոր պատանիներու ու փոքրիկներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխևնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Արցախ Ֆոնտի ներկայացուցիչներուն։ Անոնք Լիբանան ժամանած էին մասնակցելու Արցախի Մշակոյթի Շաբթուան յայտագրին։

Հիւր տղաքն ու աղջիկները գեղարուեստական փունջ մը հրամցուցին Վեհափառ Հայրապետին, իրենց նուագով, երգերով ու ասմունքով։

Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց փոքրիկները եւ շեշտեց Արցախին կապուած ըլլալու հրամայականը։ Ան ըսաւ որ Արցախի հզօրացումն ու ծաղկումը համահայկական առաջնահերթութիւն մըն է, եւ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր մասնակցութիւնը բերելու այս նուիրական գործին։ Վեհափառ Հայրապետը փոքրերուն ուղելով իր խօսքը ըսաւ որ դուք դեսպաններեն էք Արցախի ժողովուրդի ոգիին, հաւատքին ու պայքարին, խրախուսելով զանոնք որ շարունակեն իրենց արուեստին ընդմէջէն իրենց ներդրումը ունենան Արցախի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման։

More News