Ուրբաթ, 7 Փետրուար-Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2014, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Պոսէի Աստուածաբանական Կազմաւորման Կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, գումարուեցաւ ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Յարաբերութիւններու)։
Ժողովականներ քննարկեցին Հոկտեմբեր 30-8 Նոյեմբեր 2013-ին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա, գումարուած ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովին առնուած որոշումները եւ ըստ այնմ մշակեցին ԵՀԽ-ի յառաջիկայ տարիներու գործունէութիւնը՝ որպէս առաջնորդող մտածում որդեգրելով «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն»-ը։
Առաջին երկու օրերուն եւ վերջին օրը ժողովականներ իրենց քննարկումները լիակատար նիստերով կատարեցին, իսկ միւս օրերուն փոքր խմբակներու բաժնուեցան։ Նարեկ Սրբազան մաս կազմեց ծրագիրներու խմբակին։
Կիրակի, 9 Փետրուարին, ժողովականներ Ժընեւի զանազան եկեղեցիներուն մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններու մասնակցեցան։ Իսկ Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին, այցելեցին ԵՀԽ-ի կեդրոնատեղին եւ պաշտօնէութեան հետ հանդիպումներ ունեցան։
ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի Նոյեմբեր 2014-ին։