ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ
Նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ամբողջական յանձնառութեամբ զօրավիգ կը կանգնի Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան միջազգային թէ’ համազգային բոլոր ճիգերուն, որոնք կը միտին արդարութիւն հատուցել մեր ժողովուրդին եւ կանխարգիլել մարդկային ընկերութեան…