Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԶԱԳԳԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ուրբաթ 21 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Գերմանիոյ մէջ վախճանեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Զագգա Գ.: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անմիջապէս կապի մէջ մտաւ նոյն եկեղեցւոյ Սինոտի ընդհանուր քարտուղար Արքեպիսկոպոս Ժորժ Սալիպայի հետ և իր ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր և Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ: Պատրիարքին թաղումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն Դամասկոսի մէջ: Հին դարերէն սկսեալ սերտ…

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Հայ Մամուլի Երախտաւոր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Աշխատանքին Նուիրուած Զոյգ Հատորներու Հանդիսաւոր Ներկայացում

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի, կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի «Հասկ» ամսագիրի եւ դպրեվանքի տեսչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 20 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» զոյգ հատորներուն ներկայացումը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հոգշ. Տ. Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, որ…