12 May, 2014

ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 10 Մայիս 2014 ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս, տեսչութեան կազմակերպութեամբ,  տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար, նուիրուած՝ միջազգային օրէնքի (International Law) եւ մարդկային իրաւանց հարցերու (Human Rights): Սեմինարը վարեց՝ Տիար Գէորգ Յակոբճեան, որ իր համալսարանական բարձրագոյն ուսման եւ փորձառութեան լոյսին տակ փորձեց ընդհանուր կերպով ներկայացնել վերոյիշեալ նիւթերը:

Պարոն դասախօսը իր առաջին նիւթով ներկայացուց մարդկային իրաւունքներու ենթահողն ու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար շեշտելով անոնց էականութիւնը  մերօրեայ կեանքէն ներս: Այս ուղղութեամբ խօսելով, մասնաւորաբար շեշտեց թէ՝ «Միջազգային օրէնքը պետութիւններու միջ-յարաբերական օրէնքն է: Սակայն այս մէկը չի՛ նշանակեր, որ անհատներ ենթակայ չեն այդ օրէնքներուն»:

Ապա իր երկրորդ նիւթով՝ միջազգային օրէնքէն մեկնելով, արծարծեց այնպիսի այժմէական հարցեր՝ որոնց սխալ հասկացողութիւնն ու կիրառումը կրնան խաթարել մեր ազգային ու եկեղեցական դիմագիծը:

Դպրեվանեցիները միայն հարցադրումներով չբաւարարուեցան, այլ՝ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին խմբակներ կազմելով եւ զանազան հարցեր քննարկելով ու վերլուծելով:

More News