28 Մարտի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայաստանէն ժամանած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը։ Պատուիրականութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, իր անմիջական օգնականներով։ Պատուիրակութիւնը օր մը առաջ այցելած էր Լաթաքիա եւ հանդիպում մը ունեցած հոն ապաստանած Քէսապի հայերուն հետ։ Ան նաեւ հանդիպած էր Սուրիոյ Նախագահին հետ։ Խորհրդարանական պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Քէսապէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին, եւ իր միասնականութիւնը յայտնել՝ թարգմանը հանդիսանալով Հայաստանի իշխանութեան ու ժողովուրդին։

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկաներուն պարզեց Քէսապի ու Լաթաքիոյ մեր ժողոովուրդի զաւակներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած օժանդակութիւններն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներուն հետ։ Վեհափառը նաեւ այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին արտայայտած զօրակցութեան եւ իր կատարած աշխատանքներուն գծով, յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական մարզէն ներս։

More News