Կիրակի 16 Մարտ 2014-ին, Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած հայ գիրքի 35-րդ համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, հայ գիրքը բնութագրեց որպէս “հոգեմտաւոր սնունդի աղբիւր”։
Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նախ բացատրեց հայ գիրքին ունեցած իւրայատուկ իմաստը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ան ըսաւ. առանց հ…այ գիրքին մութ է մեր ճամբան.առանց հայ գիրքին անորոշ է մեր ապագան…”։ Ու ապա աւելցուց. “Սոսկ ծանօթութիւն պարունակող սովորական գիրք չէ հայ գիրքը հայուն համար։ Ներկայ աշխարհի ճարտարագիտութիւնը կոճակի մը հպումով շատ աւելին, եւ այնքան արագ կերպով, ծանօթութիւն ու գիտութիւն կրնայ տալ մարդուն, քան ոեւէ՛ գիրք։ Հայ գիրքը հայ մարդուն համար տարբեր է իր շմունչով ու ոգիով, իր էութեամբ ու նպատակով։ Հայ գիրքը աղբիւր է հոգեմտաւոր սնունդի. այլ խօսքով՝ ան հայ մարդուն հոգեմտաւոր աճման ու կազմաւորման աւիշն է ու իր ինքնութեան առողջ պահպանման երաշխիքը։”։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հոգեմտաւոր զարգացման անհրաժեշտութեան, խօսեցաւ քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ անոր ստացած կարեւորութեան։ Ան ըսաւ “միաստուածեան կրօնները մարդը կ’ըմբռնեն որպէս մարմնի, հոգիի ու միտքի մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն։ Յատկապէս քրիստոնէական մտածողութեան մէջ մարդու համապարփակ հասկացողութիւնը միշտ եղած է տիրական։ Քրիստոնէութիւնը յատուկ կերպով կը շեշտէ հոգիին ու բանականութեան մարմինէ գերիվեր ըլլալը։ Մարդը սոսկ նիւթեղէն գոյութիւն մը չէ. այլ էապէս հոգեմտաւոր իրականութիւն մը։ Եւ սա Աստուծոյ ներկայութեան ցոլացումն է մարդուն մէջ՝ Աստուածաշնչական բացատրութեամբ՝ “Աստուծոյ պատկերը”։ Քրիստոս ինք եւս շեշտեց հոգիին ու մտքին առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ ու անոր առաջնահերթութիւնը՝ յարաբերաբար մարմնին։ Քրիստոս ըսաւ. “մարդ ո՛չ միայն հացով կ’ապրի, այլ Աստուծոյ խօսքով” (Մատթ. Դ. 4), այլ խօսքով՝ հոգեմտաւոր արժէքներով”։
Պատմական ակնարկով մը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ “հոգեմտաւոր սնունդը մեր ժողովուրդին կու գայ Աստուածաշունչ մատեանէն, մեր սուրբերուն երկնասլաց աղօթքներէն ու մեր եռամեծ վարդապետներու հոգեզմայլ շարականներէն, մեր հոգիի ու մտքի հսկաներուն սրտի տրոփիւններէն, մտքի թռիչքներէն ու հոգիի ճենճերումներէն, հաւատքի ու հայրենիքի համար իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներէն ու նահատակներէն. եւ՝ այս բոլոր սերունդէ սերունդ փոխանցող Մեսրոպաստեղծ հայ գիրքէն։ Մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքները պահող ու պահպանող, սրբազան գանձն է հայ գիրքը՝ որ ժամանակի փոշիին դիմաց միշտ մնաց ճառագայթող ու պայծառակերպող ներկայութիւն հայ կեանքէն ներս։ Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր հայրերը բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու պաշտամունքի հասնող երկիւղածութեամբ մօտեցան հայ գիրքին։ Հայ գիրք գրեցին ու պահեցին. հայ գիրք կարդացին ու տարածեցին. հայ գիրքի յաւերժութեան համար յանձն առին ամէն տեսակ զոհողութիւն”։
Ու ապա Վեհափառը աւելցուց՝ “հայ աշակերտը այս աղբիւրէն ժայթքող ոգիով սնանեցաւ դպրոցի գրասեղաններուն առջեւ։ Հայ հոգեւորականը այս աղբիւրէն հոսող սնունդով հզօրացած կենսագործեց իր առաքելութիւնը։ Հայ մտաւորականը այս աղբիւրէն եկող սնունդով շաղախեց իր կոչումը։ Հայ մարդը այս աղբիւրէն ճառագայթող շունչով ու ոգիով թրծեց իր կեանքը աշխարհի ապահայացնող ճամբաներուն վրայ”։
Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ՝ “Մեզ հայ գիրքէն հեռացնող մեր կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք է անդրադառնանք հայ գիրքի ունեցած ճակատագրական դերին մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։ Պէտք է անդրադառնանք, որ հայ գիրքէն հեռացում կը նշանակէ մեր հոգեմտաւոր արժէքներէն հեռացում. այլ խօսքով՝ մեր ինքնութենէն հեռացում…”։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հարցադրումները կատարեց.- մենք ի՞նչ կ՜ընենք, որպէսզի հայ գիրքը, մեր հոգեմտաւոր սնունդի այս կենսատու աղբիւրը չցամքի երբեք։
Արդեօք մեր պետութիւնը բաւարար օժանդակութիւն կ՜ընծայէ ուսուցչին ու մտաւորականին, որ կարենայ այս հոգեմտաւոր աղբիւրը միշտ պահել կենսայորդ։ Արդեօք մեր եկեղեցին որքանո՞վ հաւատարիմ կը մնայ հայ գիրք գրելու ու տպելու, պահելու ու տարածելու իր կոչումին։ Արդեօք մեր ունեւորները որքանո՞վ կը սատարեն հայ գիրքի հրատարակութեան ու տարածման”։
Իր հայրապետական պատգամը եզրափակելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- “Չի բաւեր միայն հայ գիրքը նկատել որպէս հայակերտումի ու հայապահպանման սնուցիչ, անհրաժեշտ է հոգեմտաւոր սնունդի այս աղբիւրը պահել յորդահոս՝ անով ջրդեղելու մեր հայօրէն խոպանացող կեանքը”։
Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, Դպրեվանքի սաները յաջորդաբար երգեցին Թարգմանչաց նուիրուած “Որք զարդարեցին” շարականը եւ “Կիլիկիա”ն ու Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա ներկաները մօտեցան ցուցադրուած գիրքերուն, ծանօթանալու նոր հրատարակութիւներուն ու ըմբոշխնելու հայ գիրքը հոգեմտաւոր աւիշը։
Յայտնենք, որ անցնող տարիներուն նման ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին սփիւռքի մէջ գործող հայկական հրատարակչատուներ եւ անհատ հրատարակիչներ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշակութային առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը նկատուող Գիրքերու ցուացահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Կիրակի 6 Ապրիլ 2014: