Շաբաթ, 1 Մարտ 2014ի երեկոյեան «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց բարերար Տէր և Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանը:
Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային կեանքէն ներս իր ունեցած մասնակցութիւնը, թէ՛ որպէս բարերար եւ թէ՛ որպէս ժողովական ազգային զանազան մարմիններու մէջ:
Յայտնենք որ, Չիլինկիրեան ամոլը վերջերս երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեց Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբին եւ Տեղեկատուական գրասենեակի բարեզարդման համար: