25 March, 2014

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼՈՎ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ

Երկուշաբթի 24 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հեռաձայն ստացաւ Հայստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Նախագահը ուզեց Վեհափառ Հայրապետէն իմանալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն զեկուցեց Պրն. նախագահին Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրեր յաջորդաբար թրքական սահմաններէն դէպի …Քեսապ զինեալներու կազմակերպ թափանցումը՝ Թուրքիայէն եկող սաստիկ ռմբակոծումներու տարափին տակ: Ապա իր կոչը ուղղուած Սուրիոյ պետութեան՝ պաշտպանելու Քեսապի անզէն հայ ժողովուրդը:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց որ փաստօրէն Քեսապ պարպուած է իր հայութենէն եւ գաղթականները ապաստան հաստատած են Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ ու դպրոցին մէջ: Պրն. նախագահը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ամէն գնով օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ խոստացաւ առաջին հերթին այս հարցը արծարծել դիւանագիտական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս:
 
 
Նոյն օը երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Քեսապէն ներս տիրող կացութեան գծով: Արամ Ա. Կաթողիկոս պարզեց շրջանէն ներս տեղի ունեցած դէպքերը: Գարեգին Բ. Կաթողիկոս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար հանդիսանալու շրջանի հայութեան: Երկու Վեհափառ Հայրապետները որոշեցին մնայուն կապի մէջ ըլլալ:

More News