ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 24 Մայիս 2014-ին, Ամմանի մէջ (Յորդանան), Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու եւ Դրան Եպիսկոպոս) մասնակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս. Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի դիմաւորութեան։

Յայտնենք, թէ Վեհափառ Հայրապետը Յորդանանի Ապտալլահ Թագաւորէն հրաւէր ստացած էր Պապին Յորդանան այցելութեան անձամբ մասնակցելու։

Երուսաղէմէն ժամանած եկեղեցական ներկայացուցիչներուն մէջ էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ն.Ա. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան։

Թագաւորական պալատին մէջ, Ապտալլահ Թագաւոր բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Քահանայապետին եւ զայն որպէս «խաղաղութեան առաքեալ» ողջունեց։ Ֆրանսիս Պապ իր այցելութիւնը որպէս ուխտագնացութիւն բնորոշեց եւ բարձրօրէն գնահատեց Յորդանանի համակեցութեան եւ համերաշխութեան ճիգերը։

Յաջորդ մի քանի օրերուն Սրբազան Քահանայապետը Բեթղեհէմի եւ Երուսաղէմի մէջ պիտի գտնուի։