Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:
Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի Հայոց Թեմին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, ընդառաջած էր իրենց հրաւէրին: Ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելու հաւատացեալներուն:
Վեհափառ Հայրապետը, ողջունելէ ետք լիբանանահայութիւնը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանի հայ գաղութի բոլոր մարմիններուն ու զաւակներուն: Այս տարի, Վեհափառ Հայրապետը իր հոգեւոր խորհրդածութեան առանցքը դարձուց Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն խօսքը՝ “Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՝՝։ Վեհափառ Հայրապետը բնաբանին ակնարկելով ըսաւ. “Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ամէն անգամ որ կեանքի դժուարութիւններուն ու փորձանքներուն դիմաց գտնուեցան Քրիստոսի աշակերտները եւ իրեն հետեւողները, Աստուծոյ Որդին անոնց ըսաւ՝ մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէք։ Քրիստոս ոչ միայն խօսեցաւ հաւատքի կարեւորութեան մասին, այլ իր կեանքի օրինակով, Բեթղեհեմէն մինչեւ Գողգոթա ցոյց տուաւ մարդոց, թէ հաւատքը հզօրութեան աղբիւր է, եւ թէ հաւատքի ուժով կարելի է յաղթահարել կեանքի ամէն տեսակ փորձութիւն ու տագնապ”։
Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց թէ “նոյն այս հաւատքի զօրութեամբ մեր ժողովուրդը յաղթահարեց ամէն տեսակ տագնապ իր ողջ պատմութեան ընթացքին։ Փոթորիկներով լեցուեցաւ մեր կեանքը. շատ քիչ առիթներով մեր կեանքի երկնակամարին վրայ խաղաղութեան ծիածանը տեսանք։ Սակայն, հաւատքի ուժով զօրացած, մենք մնացինք կանգուն ու քալեցինք դէպի վերականգնում ու վերածաղկում՝ թէ որպէս ազգ եւ թէ որպէս եկեղեցի ու հայրենիք։ Նայեցէ՛ք պատմութեան. ցեղասպանութեան ընթացքին մէկուկէս միլիոն զոհ տուինք, հայրենիք կորսնցուցինք, սակայն դարձեալ մնացինք, դարձեալ հայրենիք ունեցանք”։
Հայրապետական իր պատգամի երկրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձեաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապին ու յատկապէս վերջին օրերուն Քէսապի մէջ ստեղծուած տագնապալից կացութեան։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Սուրիոյ հայութիւնը միշտ կը մնայ հաւատարմօրէն կապուած սուրիական հայրենիքին ու անոր գերագոյն շահերուն։ Անձեր ու իշխանութիւններ ժամանակաւոր են. մնայունը՝ հայրենիքն է՝ իր ժողովուրդով ու իր արժէքներով։ Մենք միշտ կը մնանք երախտապարտ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Ինչ որ պատահեցաւ Քէսապի մէջ, մենք անոր ետին կը տեսնենք նոյն արիւնարբու թշնամին։ Ահա երրորդ անգամ ըլլալով ցեղասպան թուրքը գաղթական կը դարձնէ մեր ժողովուրդի զաւակները Քէսապէն։ Այս կացութեան դիմաց մեր ժողովուրդը չի կրնար լուռ մնալ։ Քէսապի մեր ժողովուրդը պէտք է շուտով վերադառնայ Քէսապ եւ տէր կանգնի իր տուներուն, գործատեղիներուն, ազգային կառոյցներուն”։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան ըսաւ՝ “ցեղասպանութենէն յետոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տէր կանգնեցաւ գաղթական դարձած մեր ժողովուրդին։ Եւ այսօր այդ նուիրական պարտականութեան լծուած ենք մենք, որպէս Կաթողիկոս ու Կաթողիկոսութիւն։ Ու հազար փառք Աստուծոյ որ այսօր մեզի հետ են մեր հայրենիքը եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները։ Ո՛չ ոք կրնայ մեզ հեռացնել մեր իրաւունքներէն։ Թող վստահ ըլլայ Քէսապի հայութիւնը. որ մենք պիտի մնանք իր կողքին՝ թէ՛ քաղաքական գետնի վրայ եւ թէ ընկերային աջակցութեան ծիրէն ներս միշտ զօրավիգ կանգնելու Քէսապի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն”:
Ապա, աւանդութեան համաձայն Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան կողմէ նախաճաշի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց Դպրեվանքի երգեցողութիւնը, ապա անդրադարձաւ Դպրեվանքի կարեւորութեան դերին, շեշտելով մարդոյժի պատրաստութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին վիճակուած կարեւոր դերը եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները ղրկելու Դպրեվանք: