ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները գործoն մասնակցութիւն կը բերեն Պահրէյնի միջազգային համագումարին:

 

Տիկին Թենի Սիմոնեան, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի փոխ-ատենապետուհին եւ Զուիցերիոյ Վորչեսթըր համալսարանի կրoններու պատմութեան դասախoսուհին, դասախoսութիւն մը տուաւ միջ-կրoնական դաստիարակութեան նուիրուած նիստին: Ան շեշտեց ներկայ բազմակրoն ընկերութեան մէջ դաստիարակչական նոր մoտեցումներ ու մեթոտներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Սեպուհ Արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսին եւ խoսք առնելով ընդգծեց միջ-կրoնական երկխoսութեան առաջնահերթ տեղ տալու հրամայականը:

 

Յայտնենք, որ Տիկին Սիմոնեան նաեւ կարեւոր նպաստ բերաւ համագումարի եզրափակիչ յայտարարութեան խմբագրութեան: