“ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՌՉԱԾ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014-ի առաւօտուն  World Watch Monitor կազմակերպութեան տնօրէնին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, թէ հակառակ Սուրիայէն ներս ստեղծուած ծանր կացութեան, Սուրիոյ հայութիւնը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ։ “Մենք երբեք չենք մոռնար ցեղասպանութենէն յետոյ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Տարիներ շարունակ Սուրիոյ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական…