ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

9-11 Մայիս 2014-ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի յանձնախումբի տարեկան հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Զուիցերիական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Հիմնարկութիւնը շարունակութիւնն է զուիցերիացի ժողովուրդին կատարած այն մարդասիրական աշխատանքներուն, որոնք սկիզբ առին հայոց ցեղասպանութեան հետ: Նշենք, թէ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի յանձնախումբը տարին անգամ մը կը հանդիպի Անթիլիասի, Յունաստանի կամ Զուիցերիոյ մէջ:

 

Եռoրեայ հանդիպման oրակարգին նիւթ դարձան հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն, Յունաստանի հայոց ծերանոցին ու վարժարաններուն ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան յատկացուելիք oժանդակութիւնները: Քննարկուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարի հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Զուիցերիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու հովանաւորութեամբ կազմակերպուելիք ձեռնարկներու ծրագիրը: