ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

        Գանատայի Հայոց թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը կայացաւ Մոնթրէալի մէջ, 9-10 Մայիսին։ Վերջին նիստին, տեղի ունեցաւ Առաջնորդական ընտրութիւն։ Գանատայի թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։

 

        Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրութեան արդիւնքի մասին՝ խնդրելով Մեղրիկ Սրբազանի ընտրութեան վաւերացումը։ Վեհափառ Հայրապետը իր 13 Մայիս 2014 թուակիր պաշտօնագրով վաւերացուց կատարուած ընտրութիւնը։

 

       Յայտնենք, թէ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան շուրջ տասնըհինգ տարիներէ ի վեր կը ծառայէր Գանատայի թեմէն ներս, որպէս Կաթողիկոսական Փոխանորդ ու ապա որպէս Առաջնորդ։

 

       Մեղրիկ Սրբազան 2002-էն ի վեր կը ծառայէր թեմէն ներս որպէս Հոգեւոր Հովիւ Թորոնթոյի։ Նախքան այդ, Սրբազանը զանազան պաշտօններ վարած է Կաթողիկոսարանէն ու Դպրեվանքէն ներս. եղած է Դպրեվանքի հսկիչ, դպրապետ եւ լուսարարապետ Մայր Տաճարի, Տեսուչ Թռչնոց Բոյնի եւ խմբավար Շնորհալի երգչախուբմին։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, ան ուսանած է Պոսէյի (Զուիցերիա) աստուածաբանական հիմնարկէն ներս, ինչպէս նաեւ երաժշտական յատուկ դասընթացքներու հետեւած Նիւ Եորքի մէջ։