29 May, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Այս առաւօտ Երեւանի մէջ, նախագահութեամբ Հ. Հ. նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանին տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակ-ի պետական յանձնաժողովի Դ. նիստը։ Ժողովին ներկայ եղան երկու վեհափառ հայրապետները։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ յիշեցուց որ երեք տարիներ առաջ ինք որպէս 100 ամեակ-ի ուղղեցոյց առաջարկած էր հետեւեալը . «Յիշել, Յիշեցնել եւ Պահանջել»։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունեց յանձնաժողովը, որ «Յիշել եւ Պահանջել» կարգախօսը որպէս ուղղեցոյց որդեգրած էր։

Ան շեշտեց. « Ճանաչումէն անդին պէտք է անցնիլ եւ շեշտը դնել պահանջատիրութեան վրայ։ Պահանջատիրութեան առաջին քայլը Հայաստանի ու սփիւռքի հզօրացումն է ու միասնականութեամբ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց որ 100 ամեակ-ը վերջակէտ պէտք չէ դառնայ, այլ՝ սկզբնակէտը մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցումներու, որոնք ըլլան համահունջ ներկայ աշխարհի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու շահերուն։

Վեհափառը նաեւ շեշտեց, որ մեր դատը անհրաժեշտ է իրաւական մակարդակի վրայ դնել եւ զայն հետապնդել միջազգային օրէնքի տուեալներուն լոյսին տակ։

Ժողովի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ գտնուեցան Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կազմակերպած ճաշկերոյթին։

Յայտնենք, որ նոյն առաւօտուն երկու վեհափառ հայրեպետները հանդիպում մը ունեցան Հ. Հ. նախագահին հետ։