ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԴԱՐՁԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ երեւոյթի, Հայ ժողովուրդի զաւակները հրաւիրելով ամբողջ տարուան ընթացքին խորհրդածելու այդ մասին եւ գործնական քայլերու դիմելու այդ ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի»։ Ուրբաթ 14 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 100 տարեցներ՝ մամիկներ ու պապիկներ…