“ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երկուշաբթի 5 Մայիս 2014-ի առաւօտուն, Պահրէյնի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆայի կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր յիշեալ համագումարին որպէս գլխաւոր դասախօս, նիւթ ունենալով “Կրօնը, Մշակոյթը ու քաղաքակրթութիւնը՝ ի սպաս մարդկութեան”։ Իր դասախօսութեան սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Պահրէյնի թագաւորին այս…