12 February, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երէկ առաւօտ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնթի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Պշարա Րայի Պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայեղ Արքեպիսկոպոսը:

 

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, ուր պարզուած էր Մարոնիթ եկեղեցւոյ կեցուածքը Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերուն շուրջ: Սայեղ Արքեպիսկոսպոս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջարկները:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունեց Պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած ուղեգիծը, ուր յստակօրէն կը մատնանշուին այն գլխաւոր սկզբունքները, որոնք առնչուած են Լիբանանի ներքին միասնականութեան, անկախութեան ու ամբողջականութեան պահպանման ու քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութեան առաւել ամրապնդման: Վեհափառը շեշտեց, որ Լիբանանի իւրայատկութիւնը պէտք է պահել Լիբանանը կազմող բոլոր համայնքներու մասնակցութեամբ: Այս առիթով նաեւ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան, ինչպէս նաեւ բնականոն պայմաններու մէջ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան հրամայականը:

More News