ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈԽ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քոխ, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Կապրիէլ Կասիայի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Վատիկանի միջեւ փոխ-յարաբերութիւնը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործունէութիւնը, եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնները եւ ընդհանրապէս եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ հարցերուն գծով իր անձնական փորձառութենէն լոյսին տակ, եւ մօտէն ծանօթ ըլլալով միջ-եկեղեցական աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, իր տեսակէտները ու մտահոգութիւնները պարզեց։ Կարտինալ Քոխ եւս անդրադարձաւ նոյն մարզին առնչուած կարգ մը երեւոյթներու ու շեշտեց կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական շարժումին նկատմամբ ունեցած յանձնառութիւնը։

Անդրադարձ եղաւ նաեւ հին դարերէն սկսեալ հայ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան ու գործակցութեան, որ աւելի շեշտուած էր Կիլիկեան շրջանին։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ընդգծեց կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ մեր եկեղեցւոյ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայական, ոչ միայն միջազգային մակարդակի վրայ, այլ նաեւ, շրջանային ու տեղական։

Պապական Նուիրակին ներկայութիւնը առիթ մը եղաւ որ խօսակցութեան ընթացքին նաեւ արծարծուին լիբանանի այժմու կացութիւնը ու մասնաւորաբար յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակաշրջանին նոր նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։