19 March, 2022

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌՑԱՆՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2022-ին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը։

 

Առցանց նիստին նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Մասնակցեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (Ա.Մ.Ն.)՝ Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն՝ Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն՝ Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չկրցան մասնակցիլ հարաւային Ամերիկայէն՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան եւ Անգլիայէն՝ Հրաչ Չիլինկիրեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը պարզաբանեց «Սփիւռքի Տարի» հռչակելու շարժառիթները. ընդգծեց դասական, նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իրավիճակներուն իւրայատկութիւնները, տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները. այս բոլորին մէջ ինքնութեան վերաբերող հիմնահարցերը եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան համապատկերը։

 

Վեհափառ Հայրապետին նախաբանին յաջորդեց իւրաքանչիւր մասնակիցի կողմէ ներկայացուած խորհրդածութիւններ։

 

Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուեցան՝

 

ա) Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը։

 

բ) Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը։

 

գ) Անտեսանելի (մեր կառոյցներէն հեռու) Սփիւռքին հասանելիութեան ձեւերու որոնումը։

 

դ) Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերու ճշդումը։

 

ե) Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներգրաւման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը։

 

զ) Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը։

 

է) Ելեկտրոնային, համացանցային տարածքներու վրայ համախմբումներու յառաջացումը։

 

ը) Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւաքագրումի աշխատանքի ձեռնարկելը։

 

թ) Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշակելը։

 

ժ) Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը։

 

Լուսարձակի տակ բերուեցաւ երիտասարդութեան դերը եւ այդ ուղղութեամբ որոշուեցաւ երիտասարդութեան հետ յատուկ աշխատանք տանիլ, նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին մէջ։

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ նոր աշխարհագրութիւն նուաճող եւ նոր տարածականութիւն ձեւաւորող Սփիւռքի վերաիմաստաւորման, վերաշխուժացման եւ վերակենսունակացման հրամայականին ընդառաջ աշխատիլը հայաստանանպատակ շարժառիթ եւ մղում պիտի ունենայ։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը նշեց նաեւ, որ նման խորհրդակցական նիստեր պիտի շարունակուին, որոնց ընթացքին արծարծուած մտածումներն ու եզրայանգումները պիտի նպաստեն «Սփիւռքի Տարի»ն արդիւնաւէտ եւ գործնական միջոցներով յատկանշելու նպատակի իրականացման։