Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-
— Լիբանանի նախկին նախարար Ժան Լուի Գրտահի:
— Միացեալ Նահանգներէն Խմբավար Ռաֆֆի Միքայէլեան:
— Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ:
— Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակներէն Պահաա Հարիրի Մոնաքոյէն հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայրապետին հետ:
— Հայաստանի մտաւորականներէն Երուանդ Տէր Խաչատուրեան: