27 February, 2022

ՀԱՆԳԻՍՏ — Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի (1945-2022) վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ի վաղ առաւօտուն։
 
Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին։