12 April, 2022

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին շաբաթը եկեղեցական անուանումով կը կոչուի Աւագ Շաբաթ։ Արդարեւ, Աւագ Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

 

Արարողութեան աւարտին, փոխ-լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանի առաջնորդութեամբ, Քրիստոսի պատմած առակին տասը կոյսերը խորհրդանշող կիրակնօրեայ վարժարանի տասը աշակերտներ, վարժարանի տնօրէնուհիին եւ աշակերտներու ծնողներուն ընկերակցութեամբ, բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով մեր եկեղեցւոյ ու անոր սրբազան Աւանդութիւններուն նկատմամբ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն ունեցած նախանձախնդրութիւնը՝ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց եւ յորդորեց ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ առաւելագոյն չափով կառչած մնալ մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն։