Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Սամի Ապու Ալմունա հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Շէյխին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տիւրզի համայնքի դատական, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատու հոգեւորականներ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, սրբազան ու միաբան հայրեր, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան։
Ողջունելով տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին այցելութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եւ տիւրզի համայնքներուն սերտ բարեկամութեան ու գործակցութեան, այս ծիրէն ներս յիշելով Ազունիէի Ազգային Բուժարանը։ Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ շեշտեց միջ-համայնքային գործակցութեան նոր թափ տալու եւ Լիբանանը ընկերային-տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու հրամայականը։
Տիւրզի համայնքի պետը, իր կարգին, խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Կաթողիկոսարանէն ներս, ուր նախապէս մասնակից եղած էր Վեհափառ Հայրապետին կազմակերպած միջ-կրօնական երկխօսութեան։ Ան նաեւ գնահատեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանին կարեւոր ծառայութիւնը շրջանէն ներս։ Վերջապէս, ան եւս անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ շեշտեց ամէն գնով ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը։