ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՒԵՏԻՍ ԵՒ ՌԻԹԱ ԳԱՐԱԿԻՒԼԵԱՆ 100,000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐՈՎ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022-ին, նախկին հալէպահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեցին, որ 100,000 ամերիկեան տոլարի գումարով կը փափաքին Դպրեվանքի հիմնադրամ մը հաստատել եւ յանձնառու եղան յառաջիկային աճեցնել հիմնադրամը։

 

Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գարակիւլեան ընտանիքին յանձնառութիւնը եւ իր Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց անոր՝ Դպրեվանքի առաքելութեան առաւել ծաղկման իր շօշափելի մասնակցութեան համար։