Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական ժողովներուն, կը սգանք մահը ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի։
Արդարեւ, հանգուցեալը բարերարութիւնը ստանձնած էր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին եւ եպիսկոպոսաց շէնքին։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխանի Կարգի շքանշանով (2014) պարգեւատրած էր հանգուցեալը եւ իրեն ուղղած սրբատառ Հայրապետական Կոնդակի մէջ գրած էր հետեւեալը. «Որքա՜ն գօտեպնդիչ էր յիշել, որ թէ՛ Անթիլիասի մէջ 1968-ին կառուցուած Վեհարանին եւ թէ՛ Պիքֆայայի մէջ բարձրացած այս նորաշէն Վեհարանին առնչուած են Ձեր ծնողաց եւ Ձեր անունները։ Արդարեւ, Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանները շուրջ կէս դար առաջ սիրայօժար ստանձնեցին Անթիլիասի Վեհարանին շինութեան ծախսերը՝ ընդառաջելով երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի առաջարկին։ Եւ ահաւասիկ այսօր դուք եւս, որպէս իրենց դուստրը եւ փեսան, սիրով ընդառաջեցիք Մեր փափաքին եւ Ձեր իշխանական նուիրատուութեամբ Պիքֆայայի Վանքը օժտեցիք այս գեղակերտ Վեհարանով։ Յիշեալ բարերարութիւնը, ի շարս Ձեր կատարած այլ բազմաթիւ նուիրուատուութիւններուն եւ օժանդակութիւններուն, պերճախօս վկաներն են մեր սուրբ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ Ձեր ունեցած ամուր կապուածութեան ու ջերմ սիրոյն։ Թող Աստուած բազմապատիկ վարձահատոյց ըլլայ Ձեզի՝ Ձեր բոլոր բարի գործերուն համար»։
Իմանալով ազգային բարերար Գառնիկ Եագուպեանի մահը, Նորին Սրբութիւնը հետեւեալը հաստատեց. «Գառնիկ Եագուպեան այն հազուագիւտ բարերարներէն մէկն է, որ առանց խտրութեան ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու հաւատքով ծառայեց՝ իր ճակտի քրտինքով ձեռք ձգած վաստակէն բաժին մը հանելով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս իր փափաքով բարերարութիւնը ստանձնեց երկու կարեւոր կառոյցներու՝ հետեւելով իր աներհօր՝ ազգային բարերար հանգուցեալ Գէորգ Չաթալպաշեանի բարի օրինակին»։
Ս. Էջմիածնի Ս. Հռիփսիմէ վանքին մէջ տեղի ունեցած հանգուցեալի հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց եւ իր Հայրապետական խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հանգուցեալին եկեղեցաշէն ու ազգանուէր ոգին եւ իր կատարած բարերարութիւնը եկեղեցւոյ ու ազգին։
Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հոգեհանգիստին եւ յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցութիւնը փոխանցեց հանգուցեալի այրիին եւ զաւակներուն։
Յայտնենք, որ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ եւս տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ։