«ԻՆՉՊԷՍ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ, ՆՈՅՆՊԷՍ ՆԱԵՒ ԲԺԻՇԿԸ ԿՈՉՈՒՄԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԿԱՏԱՐԵԼ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Լիբանանահայութեան իրենց անվճար ծառայութիւնը մատուցելու եւ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կանգնած իրենց քոյր-եղբայրներուն բուժման օժանդակելու նպատակով Լիբանան ժամանած Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի, Կիրակի, 6 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, ապա այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Նորին Ս. Օծութիւնը ջերմօրէն ողջունեց լիբանանահայութեան բժշկական կարիքներուն օժանդակելու յանձնառութեամբ Լիբանան ժամանած բժիշկները եւ մեծապէս գնահատեց անոնց անշահախնդիր եւ անանձնական ծառայութիւնը՝ շեշտելով, որ ինչպէս հոգեւորականը, նոյնպէս նաեւ բժիշկը կոչումի գիտակցութեամբ կոչուած է կատարելու իր առաքելութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով պարզեց անցնող տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած ընկերային ծառայութեան աշխատանքները՝ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ։ Այս առիթով, Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ մեր Ս. Աթոռը եղած է, է ու միշտ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին հետ ու մեր ժողովուրդին կողքին։
Այս առիթով, խօսք առին տոքթ. Էլի Թաշճեանն ու Պերճ Աբգարեանը, որոնք անդրադարձան յիշեալ նախաձեռնութեան տուն տուող պատճառներուն, առաքելութեան եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքին: Անոնք, իրենց կարգին, շեշտեցին բժիշկներուն առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ յայտնելով, որ այս առաքելութեան իրականացումը ընդառաջում էր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի ուղղուած կոչին։