Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ԺԻԼՊԵՐ ԼԵՒՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ֆրանսայէն Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանը, ընկերակցութեամբ դարձեալ Ֆրանսայէն վերապատուելիներու եւ մարդասիրական աշխատանքի լծուած երկու ֆրանսացիներու: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:
 
 
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ յարաբերութեան, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան գծով Ֆրանսային ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերատնտեսական կարիքներուն օժանդակելու անհրաժեշտութեան: