ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ

Հայոց պատմութեան ամէնէն ոգեւորիչ եւ հայկական ինքնութիւնը էապէս ներկայացնող դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս սրբազնագոյն գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին երգեցոութեամբ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։ Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը մէջբերեց Պօղոս առաքեալին եբրայացիներուն ուղղած նամակին 12-րդ գլխէն հատուած մը, ուր առաքեալը կը յորդորէ մէկ կողմ ձգել մեղքը ու համբերատարութեամբ դիմադրել փորձութիւնները, մանաւանդ երբ բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք։ Այս դիտանկիւնէն խօսելով Սրբոց Վարդանանց քաջութեան մասին, սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտի տօնը նորոգեց հայուն կեանքը եւ տարբեր ուժականութեամբ ամրապնդեց անոր պայքարելու եւ գոյատեւելու կամքը։ Սրբազանը ընդգծեց, որ առաքեալը այս հատուածով կը քաջալերէ հաւատացեալներուն չյուսահատիլ դժուարութիւններուն դիմաց, որովհետեւ չարին դէմ մեր մղած պատերազմները մեր սեփական պատերազմները չեն, այլ՝ Աստուծոյ, եւ, հետեւաբար, առանց խախտելու մեր վստահութիւնը Ամենակալին հանդէպ, հարկ է համբերութեամբ պայքարիլ մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ։ Այնպէս ինչպէս Քրիստոս, իբրեւ մարդ, աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, բայց յաղթական դուրս եկաւ, նոյնպէս ալ Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք եւ բոլոր նահատակները, իրենց տառապանքը հաւատքով կրելով յաղթական դուրս եկան։

 

Սրբազանը, ապա հաւատացեալներուն հրաւիրեց վերանորոգուելու Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներու խորհուրդով եւ լուսարձակի տակ առաւ երեք հիմնական պահանջներ՝ պայքարը մղելու պատրաստութիւն, մասնակցութիւն եւ յարատեւութիւն։ Ասոնք կարիքը ունին ամէնօրեայ դրութեամբ աղօթքով մարզուելու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի ընթերցումով, սուրբերու վարքին հաղորդակցելով եւ ինքնաքննութեամբ։ Վերջապէս, քարոզիչ սրբազանը յորդորեց հեռանալ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգող բաներէ՝ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին. «Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդանանց սուրբ զօրավարները Քրիստոսը, Աւետարանն ու եկեղեցին դարձուցին իրենց հաւատքի առանցքը։ Իրենց հայեացքը ուղղեցին յաւիտենական ճշմարտութեան, անկորնչելի գանձին եւ երկնային արքայութեան, որոնց շնորհիւ «մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանով կրցան պայքարիլ ու նահատակուիլ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց», եզրափակեց ան։

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագին չկրցաւ մասնակցիլ, նկատի ունենալով, որ քորոնավիրուսի նշաններ ցոյց տուած էր եւ յետ քննութեան բժիշկները թելադրած էին հանգիստի որոշ շրջան մը ունենայ։