6 April, 2022

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու հայութիւնը յուզող եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Այս առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին լոյսին տակ Սփիւռքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան՝ երիտասարդներու գործօն մասնակցութեամբ:

 

Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Ս. Օծութիւնը ընդունեց նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: