12 April, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿՆՈՋ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ

Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (King Abdullah bin Abdulaziz International Centre for Interreligious and Intercultural Dialogue (KAICIID)) կազմակերպութեամբ՝ համագործակցաբար Արաբական Աշխարհին Մէջ Երկխօսութեան եւ Համագործակցութեան Միջ-Կրօնական Հարթակին (The Interreligious Platform for Dialogue and Cooperation in the Arab World (IPDC)), «Հիա Լիլ Հիուար – She4Dialogue» կամ «Կինը՝ Երկխօսութեան Համար» ծրագիրին երկրորդ հանգրուանը կայացաւ 25-29 Մարտ 2022-ին, Յորդանանի մէջ։

 

Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ երեք հանգրուաններու վրայ տարածուող միջ-կրօնական երկխօսութեան մէջ կնոջ դերը զարգացնող եւ ամրապնդող վարժողական դասընթացքներու շարք, որուն աւարտին մասնակիցները իրենց համայնքներուն մէջ պիտի կազմակերպեն կնոջ դերակատարութեան թափ տուող եւ զարգացնող ծրագիրներ։ Սոյն ծրագիրին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին կողմէ կը մասնակցի Արազ Գոճայեանը։

 

Այս հանգրուանին հինգ արաբական երկիրներէ (Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Եգիպտոս, Սուրիա եւ Լիբանան) եկած շուրջ 20 կիներ հետեւեցան կրօններու երկխօսութեան, խաղաղութեան կերտման, բռնարարքներու դէմ պայքարին, հակամարտութիւններու լուծման եւ քաղաքականութեան մէջ կիներու ազդեցութեան մասին՝ բոլորը դիտուած ճենտըրի տեսանկիւնէն։

 

Յիշեցնենք, որ առաջին հանդիպումներու շարքին առաջինը Մայիս 2021-ին կայացած էր առցանց՝ համաճարակին ստեղծած ծանր պայմաններուն պատճառով։