ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք այցելեցին Արցախէն ժամանած տաղանդաւոր պատանիները՝ ընկերակցութեամբ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչին եւ «ՋԱՀ» յանձնախումբի անդամներուն։

 

Պատանիները մասնակցեցան Խաղաղական ժամերգութեան եւ շրջագայեցան Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, որմէ ետք «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ գեղարուեստական յայտագիրով մը հանդէս եկան։

 

Յանուն Դպրեվանեցիներուն եւ ուսուցչակազմին, հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց Ընծայարանի սաներէն Հրակ Թաշճեան եւ ընդգծեց Արցախի կարեւորութիւնը հայ կեանքէն եւ յատկապէս Դպրեվանքի կեանքէն ներս: Իսկ Արցախի պատանիներուն եւ անոնց հրամցնելիք գեղարուեստական կտորները ներկայացուց «ԶԱՀ»-ի անդամներէն Պրն. Զաքար Քէշիշեան։ Արցախի պատանիները ապրումով եւ հիասքանչ ձեւով փունջ մը հայրենաշունչ եւ ազգային երգեր ու ասմունքներ հրամցուցին ներկաներուն:

 

Աւարտին, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան խօսք առնելով գնահատեց պատանիներուն, ըսելով՝ «Այսօր ձեր ներկայութեամբ, Արցախը կենդանացաւ եւ մարմնաւորուեցաւ մեր մէջ, որովհետեւ ձեր դէմքերուն վրայ տեսանք մեր հողը, օդն ու ջուրը, ինչպէս նաեւ՝ մեր նահատակներուն սուրբ զոհողութիւնը»: Աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը յուշանուէր մը յանձնեց նախարարի ներկայացուցիչին՝ անմահացնելու համար գեղեցիկ երեկոն:

 

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը եւ արցախցիները սիրոյ սեղանի շուրջ իրար հետ հաց կիսեցին, իրար աւելի մօտէն ծանօթացան եւ միասին երգեցին հայրենասիրական երգեր։