20 February, 2022

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԻՆ

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԵՐԹՈՎ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
 
 
Ամէն տարի, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին յիշատակութեան Կիրակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ, ինչպէս նաեւ Ս. Աթոռոյս թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի՝ երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբաններու տարած անսակարկ ծառայութեան առ ի երախտագիտութիւն։
 
 
Առ այդ, Կիրակի, 19 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին կից գտնուող Միաբանական Դամբարան, ուր կը հանգչին իրենց կնիքը մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ թողած Կիլիկեան ուխտի միաբաններ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։
 
 
Այս օրը մեզի առիթ կ՚ընծայէ վերյիշելու մեր նախնիներուն անձնուէր ծառայութիւնը եւ վերանորոգելու անոնց օրինակին հետեւելու մեր ուխտը։
Երանաշնորհ հայրապետներուն եւ հոգելոյս միաբան հայրերուն հոգեհանգիստէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց Cilicia TV-ին.-
 
 
«Այսօր յիշեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներն եւ հոգելոյս միաբանները: Անոնք ամէն օր ներկայութիւն են մեր աղօթքներուն, մեր մտածումներուն եւ մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան մէջ: Արդարեւ, իրենց ամբողջանուէր ու անմնացորդ ծառայութեամբ, անոնք նոր շունչ ու թափ տուին դարաւոր այս Հայրապետական Աթոռին եկեղեցաշէն ու ազգակերտ առաքելութեան: Խոր յարգանք անոնց: Վստահ եմ, որ անոնք երկինքէն կը հրճուին՝ ի տես այս Ս. Աթոռին առաքելութեան առաւել ծաւալման, պայծառացման ու հզօրացման: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան երթը կը շարունակուի վերանորոգ նուիրումով»: