23 February, 2022

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Նիկոսիոյ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչները՝  Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Յանձնախումբի ատենապետ) պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Տ.Տ. Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին եւ փոխանցեցին Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ջերմ ողջոյններն ու շուտափոյթ ապաքինման բարեմաղթութիւնները։

 

Ապա, Նարեկ սրբազան զեկուցեց յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դիմագրաւած ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներուն եւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ հայ եկեղեցւոյ եւ մեր բոլոր կառոյցներուն կատարած զօրակցական աշխատանքներուն մասին։ Իսկ Խորէն սրբազան խօսեցաւ կիպրահայութեան ու Կիպրոսի վերաբերող հարցերուն մասին։

 

Արքեպիսկոպոսը նաեւ հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի ապահովական կացութեամբ եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ու վկայութեան կենսական հարցով։

 

Հանդիպման աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները յղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յոյս յայտնեց ի մօտոյ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպիլ Նորին Սրբութեան։