27 February, 2022

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

27 Փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ ծրագրուած Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցն է այս տարի: Հայ ազգի ազատատենչ ոգին սանձելու եւ Արցախեան շարժումը կասեցնելու տրամադրութեամբ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զանգուածային տեղահանութիւն եւ անմարդկային ջարդ գործեց հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ծրագրուած սպանդը տեւեց երեք օր։

 

Արդարեւ, Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած ու նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգսեան կարգին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի եւ դեսպանատան քարտուղար Ստեփան Գէորգեանի։