ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀՍԿՈՒՄ

Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին, Դպրեվանքի սաներն ու ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուխտերթ կատարեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն Անթիլիասի Մայրավանք, որմէ ետք մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ. յաջորդիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւններէն սրբազան մասունքներ, իսկ երեկոյեան Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որուն աւարտին ան իր խօսքը ուղղեց ուխտաւոր հայորդիներուն։

 

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամին մէջ խօսեցաւ Գրիգոր Լուսաւորչին մեզի պարգեւած հոգեւոր վերածնունդի եւ հոգեւոր յեղափոխութեան մասին՝ նշելով, որ կարելի չէ հասկնալ սուրբը առանց անդրադառնալու մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս իր կատարած հոգեւոր յեղափոխութեան։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ թէեւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները Աստուծոյ լոյսը բերած էին Հայաստան, սակայն այդ մէկը տակաւին կենդանի եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն չէր եղած ժողովուրդին մօտ, իսկ Լուաւորիչը ինք եղաւ հաւատքի առաքեալը՝ յեղաշրջելով մեր ժողովուրդի կեանքը եւ զայն թրծելով Աստուածային լոյսով եւ երկնային օրհնութեամբ։ Եթէ նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան, մեր մշակոյթին, յստակօրէն պիտի տեսնենք հոգեւոր արժէքներուն տիրական նրեկայութիւնը եւ մեր հոգեւոր մշակոյթը ծնունդ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ ապա թարգմանչաց սերունդով նոր տարածք, նոր ծաւալ ստացաւ, յայտնեց ան։

 

Խօսելով տօնին անժամանակ հրամայականին մասին՝ Հայրապետը ըսաւ, որ այսօր աւելի քան երբեք մենք կարիքը ունինք Լուսաւորչի հոգեւոր վերածննդեան. «Մեր շուրջը տիրող խաւարին եւ խաւարային մտածումներուն դիմաց այսօր մենք կոչուած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր վերածնունդը շարունակելու՝ հաւատարիմ ըլլալով աստուածաշնչական արժէքներուն եւ ուսուցումներուն», նշեց ան՝ շարունակելով, որ Աստուծոյ Որդին Ինք աշխարհ բերաւ հոգեւոր վերածնունդը եւ Ինք սկսաւ հոգեւոր յեղափոխութիւնը մարդկային կեանքին մէջ. «Լուսաւորիչը մեր կեանքին առջեւ բացաւ հաւատքի, լոյսի, հոգեւոր արժէքներու, նուիրումի, միասնականութեան, հայրենասիրութեան ճամբան եւ իւրաքանչիւր հայ կոչուած է քալելու այդ ճամբէն։ Մենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի զաւակներն ենք եւ որպէս զաւակներ մենք պէտք է հետեւինք մեծ հայրապետին, մեծ սուրբին հոգեւոր վերածննդեան», եզրափակեց ան։

 

Նշենք, որ ԱՆթիլիասի Մայր Տաճարի Ուխտի Օրը ուխտաւորներ աղօթական մթնոլորտի մէջ կը գիշերեն Տաճարին մէջ։