Աւագ Հինգշաբթի կը նշենք Քրիստոսի վերջին ընթրիքը, որուն ընթացքին Աստուծոյ Որդին խոնարհաբար եւ սիրոյ ծառայութեամբ կը լուայ իր առաքեալներուն ոտքերը, կը հաստատէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը եւ կ՚ենթարկուի մատնութեան ու ձերբակալման, որպէսզի Իր արեան գնով փրկէ համայն մարդկութիւնը։
Առ այդ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կարգ ոտնլուայի։ Նորին Ս. Օծութիւնը, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, ղենջակ կապած ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը։ Յիշեալ խորհրդալից արարողութենէն ետք, Հայրապետը հաւատացեալներուն ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը՝ առանցք ունենալով քրիստոնէական հաւատքի էութիւնը կազմող սէրը։
Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին ընթերցուած աղօթքներուն եւ երգուած շարականներուն մէջ կը շեշտուի սիրոյ հրամայականը, իսկ սէրը տեսութիւն մը չէ, այլ կեանք է։ Ան շեշտեց, որ Աստուած սէր է եւ սէրը Աստուած է։ Աստուած սէրէն մղուած ստեղծեց տիեզերքը, մարդը եւ Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, նշեց ան՝ շարունակելով, որ Աստուծոյ Որդին նոյն սէրէն մղուած խաչ բարձրացաւ, որպէսզի Աստուծմէ հեռացած եւ սէրը ատելութեան վերածած մարդը փրկէ։ Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, թէ Աստուած Ի՛նք սիրեց մարդը եւ Ի՛նք մօտեցաւ մարդուն, եւ ըսաւ՝ ուր Աստուած կայ հոն սէր կայ, իսկ հոն ուր Աստուած չկայ՝ ատելութիւն եւ թշնամանք ու խաւար կը տիրէ։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ ոտնլուայի արարողութիւնը յիշեցում մըն է մեր բոլոր զաւակներուն՝ Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի եւ սփիւռս աշխարհի, որ որպէս քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք ընդունած առաջին ժողովուրդ կոչուած ենք ամէն բանէ աւելի ու առաջ սէրը մեր կեանքին մէջ գործնապէս թարգմանելու։ Փաստօրէն, ներկայիս կը բացակայի սէրը մեր կեանքէն. ուստի, կոչուած ենք հայ կեանքին մէջ ամէն տեղ զիրար սիրելու եւ մեր կեանքէն հեռու պահելու ամէն տեսակ երեւոյթ, արարք, յարաբերութիւն եւ կեցուածք, որ ատելութիւն եւ թշնամանք կը սերմանէ։ Ան խրախուսեց մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ըսելով, որ այսօր անգամ մը եւս Քրիստոս կը պատգամէ մեզի.- սիրեցէ՛ք զիրար։ Եթէ մենք չսիրենք զիրար ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ, մեր հայրենիքին, Արցախին, Սփիւռքին, մեր ողջ ազգին կեանքը պիտի լեցուի ահաւոր փոթորիկներով, մեր կեանքի ճամբան պիտի լեցուի խաւարով եւ ահաւոր անորոշութիւններով։
Իր պատգամի աւարտին, Հայրապետը հրաւիրեց լսելու Քրիստոսի պատգամը, ինչպէս լսեցին մեր հայրերը եւ ամէն անգամ, որ մեր հայրերը, պատմութեան ընթացքին, լսեցին Քրիստոսի պատգամը, սիրով պայծառացաւ Հայաստանի երկինքը, երկնային շնորհներով եւ պարգեւներով լեցուեցաւ մեր կեանքը. իսկ ամէն անգամ, որ հեռու մնացինք Աստուծոյ մեզի տուած սիրոյ պատուիրանէն՝ մեր կեանքը լեցուեցաւ ահաւոր փոթորիկներով։