Երկուշաբթի, 21 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մայրենիի Օրուան» առցանց համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Արդարեւ, 2005 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական տօներու ցանկին մէջ արձանագրած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակած «Մայրենիի Օր»ը իբրեւ պաշտօնական տօն, իսկ 2013-էն ի վեր նմանօրինակ համագումարներ եւ տօնախմբութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Առցանց համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի եւ Սփիւռքի լեզուաբաններ, կրթական մշակներ եւ հայոց լեզուի հարցերով զբաղող մասնագէտներ։ Շահան սրբազան համագումարի սկիզբը իր ելոյթը ունեցաւ. յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջունեց համագումարի կայացումը եւ անդրադարձաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, տարածման եւ զարգացման գծով իր կատարած աշխատանքներով՝ հայ դպրոցներու ճամբով ու գրահրատարակչական մեծ վաստակով, միշտ ալ նպաստած է եւ կը շարունակէ նպաստել հայոց լեզուի աշխուժացման։
Անցնող տարիներուն, Կաթողիկոսութիւնը համահայկական նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման գծով ո՛չ միայն իր գործնական մասնակցութիւնը բերած է, այլեւ նախաձեռնած է Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողով մը, ուր կը քննարկէ ներկայ պայմաններու մէջ Արեւմտահայերէնը ուսումնասիրելու եւ զարգացնելու սփիւռքահայ կեանքէն ներս։ Յիշեցնենք, որ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործեն նաեւ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնը եւ Հայագիտական կեդրոնը, որոնք նոյն գծով մեծապէս կը սատարեն մայրենիի պահպանման եւ տարածման։
Սրբազան հայրը յիշեցուց, որ այս տարի Նորին Սուրբ Օծութեան տնօրինումով հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ին վերակազմակերպչական աշխատանքներու շրջագծին մէջ նկատի առնուած է բնականաբար Արեւմտահայերէնի եւ հայոց լեզուի ներկայ իրավիճակը եւ համապատասխան տնօրինումներ կատարելու հրամայականին առջեւ կը դնէ մեր բոլորը։
Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց մասնակիցները, որ միասնական ճիգերով ու լրջութեամբ կարենան դուրս բերել մեր ժողովուրդի զաւակները մայրենիի նկատմամբ անտարբերութենէ, միւս կողմէ առաջարկեց, որ լեզուաբաններ եւ քերականագէտներ պարտականութիւն վերցնեն դիւրացնել ու հրապուրիչ դարձնել հայոց լեզուի ուսուցումը։